2017-01-25 09:05:00

Պօղոս Առաքեալի դարձի տօնը` 25 Յունուարին։


(Ռատիօ Վատիկան)  Յունուար 25ին տօնն է Պօղոս առաքեալի դարձին։ Այս տօնը ի յայտ կը դնէ Աստուծոյ շնորհքին զօրութիւնը, որ կը բազմանայ հոն ուր մեղքը կը գերիշխէ։ Պօղոս առաքեալի կեանքը կը բարեփոխուի Դամասկոսի ճամբու վրայ, երբ Յարուցեալ Տէրը անոր կերեւնայ եւ կը կանչէ. Սաւուղ, Սաւուղ ի՞նչու զիս կը հալածես։

Պօղոս առաքեալի դարձի տօնակատարութիւնը մուտք գործած Ը. դարուն, եւ ներկայիս այս յիշատակութեամբ՝ կ՛եզրափակուի Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը։ Սուրբ Պօղոսի դարձի տօնը հաւատացեալներուն կը յիշեցնէ թէ չկայ ճշմարիտ դարձ առանց ապաշխարութեան։

Քրիստոսի յարութենէն ու համբարձումէն ետք ընտրուած առաքեալը՝ Պօղոս առաքեալ եղաւ քրիստոնէութիւնը տարածող եւ քարոզող մեծագոյն առաքեալը: Ան իր հրէական ծագումով, ստացած յունական կրթութեամբ եւ հռոմէական հպատակութեամբ, կը դառնայ ընտիր անօթ լաւագոյնս տարածելու քրիստոնէութիւնը այն ժամանակուան մշակոյթին համապատասխան մօտեցումով, եւ իր հռոմէական հպատակութենէն օգտուելով:

Պօղոս առաքեալ, որ նախապէս կը կոչուէր Սօղոս, ծնած է Կիլիկիոյ Տարսոն քաղաքին մէջ, բայց սնած Երուսաղէմի մէջ, Գամաղիէլի ձեռքին տակ, հրէական ճշմարիտ Օրէնքով (Գրծ 22.3): Ան եղած է փարիսեցի եւ թունդ ազգայնական:

Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ առաջին շրջանին, Պօղոսի մեծագոյն մտահոգութիւնը կ’ըլլայ հալածել քրիստոնեաները եւ բանտարկելով, հրէութեան վերադարձնել զանոնք: Ան Երուսաղէմի մէջ բոլորէն ճանչցուելով իբրեւ հակառակորդ նոր կրօնքին, կը խնդրէ քահանայապետէն որպէսզի Դամասկոս երթայ ու այնտեղ եւս հալածէ քրիստոնեաները եւ բանտ նետէ զանոնք: Սակայն Դամասկոսի ճանբուն վրայ Քրիստոս կը յայտնուի իրեն եւ դարձի կը բերէ, զինք ընտրելով իբրեւ մեծագոյն քարոզիչը Քրիստոնէութեան:

Այսպիսով Պօղոս, այս անգամ Մեծագոյն եւ Ճշմարիտ Քահանայապետէն առաքուելով, կը կազմակերպէ ճամբորդութիւններ, որոնք կ’ըլլան իր առաքելութեան ամէնէն գործօն ժամանակները եւ առիթները: Ան կը հիմնէ եկեղեցիներ եւ իր ճամբորդութիւններէն ետք նամակներ ղրկելով անոնց, կը քաջալերէ զիրենք մնալու այն հաւատքին մէջ, որ ինք քարոզած է իրենց: Պօղոս առաքեալի նամակները Նոր Կտակարանին մէջ, թիւով ‎14 հատ են:

Պօղոս առաքեալի կատարած երեք ճամբորդութիւններուն մասին կը պատմէ Գործք Առաքելոց գիրքը, ուր հեղինակը ներկայացնելով Պօղոս վերջին ճամբորդութիւնը դէպի Հռոմ, կը փակէ գիրքը:

Աւանդութեան համաձայն, Պօղոս կը հասնի մինչեւ Սպանիա եւ ապա վերադառնալով Հռոմ այնտեղ սուրով կը նահատակուի:








All the contents on this site are copyrighted ©.